|
ԹՈՂ 2025
ՏԱՐԻՆ ԴԱՌՆԱՅ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ՏԱՐԻ
Ժամանակի
արագընթաց թաւալումին եւ մարդկային կեանքի հեւքին
մէջ հին տարիէն նոր տարի անցման այս հանգրուանը
ընդհանրապէս բնորոշուած է իբրեւ եզակի առիթ
ինքնաքննութեան ու հաշուետուութեան: Սա բնական եւ
հրամայական անհրաժեշտութիւն մըն է իւրաքանչիւր
անհատի, կառոյցի, հաւաքականութեան կամ պետութեան
համար:
Անցնող
տարուան մեր կեանքը լեցուն էր տագնապներով ու
վերիվայրումներով: Իրագործումներու կողքին նաեւ
ունեցանք ձախողութիւններ, յաջողութեան առընթեր
նաեւ՝ թերացումներ: Արդարեւ, հաշուետուութեամբ
ամրագրուած եւ իրապաշտ ոգիով կատարուած
ինքնաքննութիւնը երաշխիքն է յաջողութեան ու
յառաջդիմութեան:
Մեր
ազգին համար 2025 տարին պէտք է դառնայ նաեւ
հոգեւոր ու ազգային վերանորոգման տարի: Կեանքը իր
բոլոր տարածքներով ու բնագաւառներով կը նմանի
հոսող ջուրի, եթէ հոսքը դադրի կը ճահճանայ ու կը
դառնայ վնասաբեր: Այնպէս ալ մեր կեանքը:
Վերանորոգումը պէտք է դառնայ մեր անհատական թէ
հաւաքական կեանքի ընթացքը՝ նպատակասլաց տեսլականէ
մղուած:
Կ՚ապրինք
մեր ժամանակակից պատմութեան վտանգալից
ժամանակները: Շրջապատուած ենք ահաւոր տագնապներով:
Ոչ-բարեկամ
երկիրներուն հետ Հայաստանի յարաբերութիւնը եւ անոր
առնչուած համաձայնութիւնները՝ կատարուած թէ
կատարուելիք, ինչպէս նաեւ անոնց միակողմանի
պահանջները կրնան վտանգել Հայաստանի
ամբողջականութիւնը, անկախութիւնը ու
անվտանգութիւնը:
Միջին
Արեւելքէն ներս աշխարհաքաղաքական պայմաններու արագ
եւ արմատական փոփոխութիւնը կրնայ իր բացասական
հետեւանքները ունենալ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ շրջանի
մեր համայնքներուն համար:
Հեռու
է մեր կեանքը ներքին միասնականութիւնը ամրացնող
ազդակներէ: Ներկայ կացութեան շարունակումը մեր
ժողովուրդը կրնայ առաջնորդել նորանոր
բեւեռացումներու:
Արդ,
այս անորոշ պայմաններուն դիմաց չենք կրնար
անտարբեր մնալ: Մեր կեանքի վերանորոգումը աւելի
քան հրամայական է:
Վերանորոգում
կը նշանակէ մեր կեանքը դուրս բերել մաշեցնող,
տկարացնող, բեւեռացնող, այլասերող ու դէպի նահանջ
առաջնորդող ներկայ գոյավիճակէն եւ նոր որակ ու
տեսլական տալ անոր:
Վերանորոգում
կը նշանակէ ոյժերու համախմբում՝ համազգային
օրակարգի մը շուրջ:
Վերանորոգում
կը նշանակէ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ճիշդ
հունաւորում ու վերաշեշտում:
Վերանորոգում
կը նշանակէ Սփիւռքի վերակազմակերպում ու
վերակենսաւորում. ու տակաւին՝ մարդուժի
համախմբում, մեր կեանքին երիտասարդութեան
մասնակցութիւն եւ նիւթական կարելիութիւններու ճիշդ
տնտեսում:
Անհրաժեշտ
կարիքը ունինք այս բոլորին ուղղութիւն ու կշիռք
տուող բարոյական, հոգեւոր ու ազգային արժէքներու
վերակենսագործման, ինչպէս նաեւ զանոնք կեանքի
վերածող հաւաքական կամքի, հաւատքի ու յոյսի:
Դէպի
վերանորոգում: Ահա 2025 տարուան մարտահրաւէրը մեր
դիմաց: Բացուող Նոր Տարին պիտի դառնայ սոսկ
տարուան թիւի փոփոխութիւն, եթէ զայն չողջունենք
մեր կեանքը վերանորոգելու յանձնառութեամբ:
Եկէ՛ք
փառք տանք Աստուծոյ, որ տարի մը եւս ապրելու
պարգեւը շնորհեց մեզի:
Եկէ՛ք
աղօթենք հիւանդներուն առողջութեան,
բանտարկեալներուն ազատութեան եւ կարիքաւորներուն
կեանքի բարելաւման համար:
Թող
Աստուած Իր երկնային բարիքներով հարստացնէ մեր
ընտանիքներուն ու զաւակներուն կեանքը:
Շնորհաւոր
Նոր Տարի:
ԱՐԱՄ
Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ
ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
1
Յունուար 2025
Անթիլիաս,
Լիբանան
Photo:
armenianorthodoxchurch.org
|